2013-11-16 11:24:41

Հայ Կաթողիկէ ''Կիլիկիա'' թանգարանի բացում` Քեսապի մէջ ։


Կիրակի 17 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին. Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց՝ Գաբրիյէլի, Միքայէլի, Ռաֆֆայէլի եւ Սերովբէի զոյգ տօներուն առթիւ, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՚ունենայ ձայնաւոր Ս. Պատարագ որ պիտի մատուցանէ Գերապատիւ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը։
Սուրբ պատարագի աւարտին, պիտի կատարուի նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն` երջանկայիշատակ՝ Քեսպցի Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանին դիտաւորութեամբ ։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք կը յաջորդէ մշակութային յայտագիր մր որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ բացումը՝ Քեսապի Հայ կաթողիկէ «ԿԻԼԻԿԻԱ» թանգարանին:







All the contents on this site are copyrighted ©.